Wednesday, April 1, 2009

Homenetmen Montréal Fanfare (sept 2008) -in armenian



Մեր Ֆանֆարը


Մեր գաղութի զանազան ձեռնարկներուն իր յաճախ կարճ բայց եւ միշտ ալ խիստ տպաւորիչ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հ.Մ.Ը.Մ. ի սկաուտական շարքերու փողերախումբը՝ մեր «ֆանֆար»ը:

Բոլորս ալ գիտենք թէ Մոնթրէալի մեր ֆանֆարը իրականութեան մէջ համեստ է թէ' իր անդամներու թիւով եւ թէ' ալ իր թէքնիքային ընդհանուր մակարդակով: Յառաջդիմութեան կարիքը բացայայտ է բոլորիս:

Սակայն այս մեր փողերախումբին ստեղծումն ու պահպանումն իսկ ինծի համար համազօր է իրականացած գեղեցիկ մէկ երազի: Երաժշտասէր քանի մը քոյրեր եւ եղբայրներ, հաւաքուած մեր միութեան եւ ազգային դրօշներուն ներքեւ, շաղախուած մեր փոքր գաղութին ոգիով: Եւ մեր բոլորիս պատիւը առաւել բարձրացնելու եւ բարձր պահելու գիտակից կոչումով:

Քանի մը քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք ֆանֆարի կազմութեան առաջին իսկ օրէրէն, հանդէսէ հանդէս, տողանցքէ տողանցք մեզ կ՛ոգեւորեն եւ իրենց հպարտ եւ խրոխտ ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ կը թրջեն մեր աչքերը եւ հպարտանքով կ'ընդլայնեն մեր կուրծքերը:

Պատիւ մեր ինքնուսոյց երաժտասէր այս պատանի եւ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն: Անոնք առանց որեւէ յաւակնութեան, առանց որեւէ արհեստաւարժ ուսուցումի եւ համեստ միջոցներով՝ կը շարունակեն դիմագրաւել այս դժուար մարտահրաւէրը : Եւ կը շարունակեն զարմացնել մեզմէ շատեր:

Տղաք, ամէն անգամ որ Մեր հայրինիք կամ այլ քայլերգ կը նուագէք՝ կը փաստէք թէ ձեր յամար աշխատանքով եւ ամուր կամքով կարելի է սատարել մեր գաղութի հաւաքականութեան: Քանի մը տգէտ ձայներ միշտ ալ պիտի քննադատեն այս կամ այն բանը, սակայն կարաւանը կը շարունակէ իր հաստատ ընթացքը:

Այո: Շատեր կրնան չհասկնալ ֆանֆարի մը առջեւ գտնուող խոչընդոտներն ու դժուարութիւները: Նուագարաններու բարձր գիները, հայկական երգերու ֆանֆարային պատշաճեցումներու խրթին աշխատանքը, անհատնում փորձերու անհրաժեշտութիւնը ընդհանրապէս դպրոցական այս անդամներուն: Եւ կրկնութեան գնով՝ արհեստաւարժ ուժերու ակնյայտ բացակայութիւնը: Դժուարութեանց շարքը բաւական երկար է անշուշտ:

Դարձեալ՝ պատիւ մեր ֆանֆարի անցեալի եւ ներկայի բոլոր հիմնադիր ղեկավարներուն եւ անդամներուն: Բոլորդ ալ անխտիր արժանի էք մեր անհատնում գնահատանքին:

Վարձքերնիդ կատար եւ դէպի նորանոր նուաճումներ:


Ապրիք տղաք: Հազար անգամ:


Գրիգոր Դերձակեան

2 comments:

  1. hi how r u do u remeber me ur neighbor adnan howz the family howz canada u r still a fan of the beatles and arsenal im looking forward to hear some news from u my email is adnanmohamad70@yahoo.com

    ReplyDelete
  2. Bravo Kevork for a well written article about pearls.

    For over thirty years my brother and I have devoted our lives to the promotion of cultured pearls, we appreciate very much you shedding light on our industry!

    Did you know Armenians had a major role in the promotion of Fresh water pearls?! During 1970ies and early 1980ies Over 50% of all fresh water pearls processes and exported from Japan was through Armenian merchants!

    For your information, I am the Canadian representative on The World Jewellery confederation CIBJO pearl commission.

    Pierre Akkelian
    www.canadiangem.com

    ReplyDelete