Showing posts with label Faith. Show all posts
Showing posts with label Faith. Show all posts

Monday, April 6, 2009

Unexplainable feelings in an Armenian church

Պապա, Նորէ՞ն սկսար լալ

Sourp Hagop, Montreal (photo: Krikor Tersakian)

Ամէն Կիրակի օր անպայմանօրէն եկեղեցի գացողը չեմ:
Չեմ տիրապետեր մեր հազարամեայ եկեղեցւոյ մերթ ոսկեայ եւ յաճախ ողբերգական պատմութիւնը:
Գրիգոր Լուսաւորիչէն Մովսէս Խորենացի, անցնելով Գրիգոր Նարեկացիէն մինչեւ մեր դարաւոր զոյգ կաթողիկոսութեանց մանրամասնութիւնները տիրապետելէ շատ հեռու եմ:
Չեմ կարդացած Նարեկը: Կը խոստովանիմ նաեւ որ կողքէ կողք չեմ լրացուցած Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը:
Մեր սքանչելի Սուրբ Պատարագին ծանօթ եմ իր ընդհանրականութեան մէջ միայն:
Սակայն...
Ամէն անգամ որ կը մտնեմ հայկական եկեղեցի, մարմինս կը վերածուի ելեկտրականացած մէկ մասսայի, գլուխս արագօրէն տեղի կուտայ սրտիս եւ սիրտս իր կարգին տեղի կուտայ հոգւոյս:

Votive candles at Keghart Monastery, Armenia. Everything is rock-carved except for the candle stand! Գեղարդի մէջ կիսահալ մոմեր...

Եկեղեցւոյ մուտքին պլպլացող կիսահալ մոմեր՞ն են միթէ: Մեր եկեղեցիներուն խորաններ՞ն են իրենց խիստ նշանակելի եւ խորհրդաւոր «Է» տարով: Հայ կղերականին հաւատքն ու նուիրո՞ւմը, դպրաց դասին երգեցողութիւ՞նը, առաջնորդին գա՞հը: Արդեօք Հայոց Պատմութիւն՞ն է խտացուած քանի մը շարականներու ընդմէջէն թէ Յիսուսի խաչելութիւնը գծուած միջակօրէն տաղանդաւոր արուաստագէտի մը կողմէ: Այս բոլորին պատասխանը կարեւոր ալ չէ: 
Գիտեմ թէ Եկեղեցին իմ վրաս կը բանեցնէ կախարդական եւ անբացատրելի մէկ ազդեցութիւն, խոհուն, խորհրդաւոր իր հազարամեայ ծանրութեամբ: 
Դպրաց դասը կ'երգէ: «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ որպէս Աստուած.. Ակնթարթի մը մէջ արդէն հոգիս սաւառնած է, աչքերս լեցուած են ու ներաշխարհս աւելի իրար անցած է քան նոր պատրաստուող եւ օծուող Սուրբ Միւռոնի կաթսան: -«Պապա, նորէ՞ն սկսար լալ», ականջիս կը փսփսայ մանչս՝ Ալեքսը: - «Չէ, տղաս, չեմ լար, քիչ մը յուզուած եմ միայն»
-«Նորէն մի' սկսիր» Կ'ըսէ միւս մանչս՝ Սեւանը
-«Ոչինչ» կը պատասխանեմ, «ոչինչ»:

Ին՞չ եղաւ: Չեմ գիտեր ինչ եղաւ: Այդ կախարդական «ին՞չ եղաւ»ներուն ոչ գիտեմ ոչ ալ կրնամ բացատրել:
«Հաւատք» եւ « Եկեղեցւոյ հանդէպ յարգանք» դիւրապէս բացատրելի բառեր եւ թեմաներ չեն: 
Բացէք որեւէ բառարան եւ կարդացէք «հաւատք» բառին բացատրութիւնները: Կը վստահեցնեմ որ բոլոր բացատրութիւններն ու պատասխանները թիրի են ու անգոհացուցիչ:
Զգացումները միշտ ալ եղած են աւելի զօրաւոր քան լոկ բառերու շարանները: Այո, «հաւատք»ը անբացատրիլի մարդկային զգացում մըն է:
Իսկ «Հայ Եկեղեցւոյ հաւատք»ը կը դառնայ աւելի բարդ, ճնշիչ եւ միաժամանակ բուժիչ եւ գոհացուցիչ:
Վստահ եմ որ օր մը երկու մանչերս պիտի հասկնան եւ զգան այս բոլորը:

Գրիգոր Դերձակեան
Մաշտոցի արձագանգ, Մոնթրէալ

Unexplainable feelings in an Armenian church

Պապա, Նորէ՞ն սկսար լալ

Ամէն Կիրակի օր անպայմանօրէն եկեղեցի գացողը չեմ:
Չեմ տիրապետեր մեր հազարամեայ եկեղեցւոյ մերթ ոսկեայ եւ յաճախ ողբերգական պատմութիւնը:
Գրիգոր Լուսաւորիչէն Մովսէս Խորենացի, անցնելով Գրիգոր Նարեկացիէն մինչեւ մեր դարաւոր զոյգ կաթողիկոսութեանց մանրամասնութիւնները տիրապետելէ շատ հեռու եմ:
Չեմ կարդացած Նարեկը: Կը խոստովանիմ նաեւ որ կողքէ կողք չեմ լրացուցած Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը:
Մեր սքանչելի Սուրբ Պատարագին ծանօթ եմ իր ընդհանրականութեան մէջ միայն:
Սակայն...
Ամէն անգամ որ կը մտնեմ հայկական եկեղեցի, մարմինս կը վերածուի ելեկտրականացած մէկ մասսայի, գլուխս արագօրէն տեղի կուտայ սրտիս եւ սիրտս իր կարգին տեղի կուտայ հոգւոյս:
Votive candles at Keghart Monastery, Armenia. Everything is rock-carved except for the candle stand! Գեղարդի մէջ կիսահալ մոմեր...

Եկեղեցւոյ մուտքին պլպլացող կիսահալ մոմեր՞ն են միթէ:
Մեր եկեղեցիներուն խորաններ՞ն են իրենց խիստ նշանակելի եւ խորհրդաւոր «Է» տարով: Հայ կղերականին հաւատքն ու նուիրո՞ւմը, դպրաց դասին երգեցողութիւ՞նը, առաջնորդին գա՞հը:

Արդեօք Հայոց Պատմութիւն՞ն է խտացուած քանի մը շարականներու ընդմէջէն թէ Յիսուսի խաչելութիւնը գծուած միջակօրէն տաղանդաւոր արուաստագէտի մը կողմէ:

Այս բոլորին պատասխանը կարեւոր ալ չէ: Գիտեմ թէ Եկեղեցին իմ վրաս կը բանեցնէ կախարդական եւ անբացատրելի մէկ ազդեցութիւն, խոհուն, խորհրդաւոր իր հազարամեայ ծանրութեամբ:

Դպրաց դասը կ'երգէ: «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ որպէս Աստուած..

Ակնթարթի մը մէջ արդէն հոգիս սաւառնած է, աչքերս լեցուած են ու ներաշխարհս աւելի իրար անցած է քան նոր պատրաստուող եւ օծուող Սուրբ Միւռոնի կաթսան:
-«Պապա, նորէ՞ն սկսար լալ», ականջիս կը փսփսայ մանչս՝ Ալեքսը:
- «Չէ, տղաս, չեմ լար, քիչ մը յուզուած եմ միայն»
-«Նորէն մի' սկսիր» Կ'ըսէ միւս մանչս՝ Սեւանը
-«Ոչինչ» կը պատասխանեմ, «ոչինչ»:
Ին՞չ եղաւ: Չեմ գիտեր ինչ եղաւ: Այդ կախարդական «ին՞չ եղաւ»ներուն ոչ գիտեմ ոչ ալ կրնամ բացատրել:
«Հաւատք» եւ « Եկեղեցւոյ հանդէպ յարգանք» դիւրապէս բացատրելի բառեր եւ թեմաներ չեն: Բացէք որեւէ բառարան եւ կարդացէք «հաւատք» բառին բացատրութիւնները: Կը վստահեցնեմ որ բոլոր բացատրութիւններն ու պատասխանները թիրի են ու անգոհացուցիչ: